2010-12-26 10:33:01

Վատիկան` Ճրագալոյցի կէսգիշերուայ սուրբ պատարագին


<< Քրիստոս աշխարհին ազատագրում բերաւ>> ըսաւ Նորին Սրբութիւնը 24 դեկտեմբերի ճրագալոյսի կէսգիշերուայ պատարագին իր արտասանած քարոզին մէջ։
Սրբազան Քահանայապետը ճրագալոյսի պատարագը մատուցեց հաւատացեալներով խռնուած ս. Պետրոս պազելիքայի մէջ։ Նախապէս Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց, անգլերէնով,ՊիՊԻՍի ձայնասփիւռի միջոցաւ, ուր մատնանշեց Յիսուս Քրիստոսի տիեզերական ազատագրումի հաշտութեան ու սիրոյ ոգիին, որ չի համապատասխաներ քաղաքական ու զէնքի բռնաբար ոյժին։
Ճրագալոյցի պատարագին ներկայ գտնուած էին ամէն ազգէ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ։ Պատարագէն առաջ սարկաւագ մը Յիսուսի ս. Ծննունդը աւետող շարականը երգեց եւ որու ընթացքին քողազրկուեցաւ Մանուկ Յիսուսի պատկերը։ Պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը թափօրով ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը կարուցուած մսուր` ուր զետեղեց մանուկ Յիսուսի արձանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.